2012-02-04 13:23:43

ՃՄՃ 2013-ի Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրուայ <<Խորհրդանշանը>>


2013 յուլիսին Պրազիլի Ռիօ Տէ Ժանէյրոյի մէջ կայանալիք երիտասարդութեան համաշխարհային 28րդ օրուայ խորհրդանշանի ներկայացումը կատարուեցաւ 2012ի փետրուար մէկին, Կլօրիայի ՅՊԲ.ի անուան լսարանի մէջ ներկայութեամբ՝ Ռիօ Տէ Ժանէյրոյի Թէմբէսթա արքեպիսկոպոսի եւ խորհրդանշանի հեղինակին։ Սոյն խորհրդանշանը ընտրուեցաւ անցեալ 27 սեպտեմբերին կազմակերպուած մրցոյթին։

Երիտասարդութեան համաշխարդային օրը՝ կը նշուի ամէն տարի, աշխարհի զանազան թեմերու մէջ, իսկ ամէն 2 - 3 տարին անգամ մը, կը կազմակերպուի միջազգային հանդիպում մը՝ որով Սրբազան Քահանայապետը հանդիպում կ՝ունենայ երիտասարդներու հետ, նշելու՝ Յիսուս Քրիստոսի մեզի թողած՝ սիրոյ, խաղաղութեան եւ միութեան պատգամը։ Այս միջազգային հանդիպումը կը տեւէ ընդհանրապէս մէկ շաբաթ։
Երիտասարդութեան համաշխարդային օրուայ վերջին հանգրուանը տեղի ունեցաւ անցեալ 2011-ի Օգոտոսին Մատրիտի մէջ։ Յառաջիկայ հանդիպումը, ինչպէս ըսինք, տեղի պիտի ունենայ Պրազիլի Ռիօ Տէ Ճանէյրոյի մէջ 2013 Յուլիս 23 - 28։








All the contents on this site are copyrighted ©.